2015-12-10 12:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 10 դեկտեմբերի քարոզը` ''Աստուծոյ Ողորմութիւնն ու քնքշութիւնը''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աստուած սիրահարուած է  մեր փոքրոգութեան  եւ Անոր Ողորմութիւնը անսահման է'' ։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապի, հինգշաբթի 10 դեկտեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան  մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին նիւթը։

Նորին Սրբութիւնը քարոզին մէջ ընդգծեց, թէ  Աստուծոյ Ողորմութիւնը նման է ծնողքի մը որ կը շոյէ ու  մխիթարութիւն ու ապահովութիւն կը ներշնչէ իր զաւկին։

Մեկնաբանելով օրուայ  Եսայի մարգարէի սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի թէ Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդը ընտրած է ոչ՝ թէ իր  հզօրութեան համար  այլ՝ որովհետեւ ժողովուրդներու միջեւ ամենէն փոքրիկ եւ ամենէն թշուառ ժողովուրդն է

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ Աստուած սիրահարուեցաւ  ժողովուրդին թշուառութեան եւ փոքրոգութեան։ Եսայի մարգարէի գիրքին մէջ  Աստուծոյ՝ ժողովուրդին հետ  կատարած մենախօսութիւնը նման է ծնողքի մը որ քնշութեամբ եւ սիրով կը խօսի իր զաւկին ու նման է այն մանուկին որ վախի մէջ կը գտնուի ու հայրը կ՝ըսէ  անոր՝՝մի վախնար ես հոս եմ, քու կողքիդ  եմ՝՝։

Տէրը,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, իր ուսերուն վրայ կ՝առնէ մեր տկարութիւններն ու մեր մեղքերը, ու մէջբերեց  Յիսուսի խօսքը ''Ինծի եկէք  դուք բոլորդ որ յոգնած էք եւ ձեզի հանգստութիւն պիտի տամ''։  Ես եմ Տէր Աստուածը մի Վախնար։ Ես քեզի ուժ պիտի շնորհեմ։ Դուն քեզ ինծի յանձնէ ու ես քեզի ներում եւ խաղաղութիւն պիտի տամ''։ Ասոնք են ահա Աստուծոյ շոյանքները, մեր Հօր շոյանքերը, որոնց միջոցաւ Ան մեզի կը յայտնէ իր ողորմութիւնը։ Տէրը մեզմէ կը խնդրէ մեր թշուառութիւնը, մեր փոքրագութիւնը, մեր մեղքերը՝ որպէսզի մեզ ողջագուրէ''

՝՝Խնդրենք Տիրոջմէ, որ իւրաքանչիւրիս  եւ համայն ժողովուրդին մէջ  արթնցնէ Աստուծոյ Հայրութեան հաւատքը, եւ իր սրտի Ողորմութեան  հանդէպ հաւատքը որպէսզի Ան մեզ մղէ ըլլալու ողորմածներ ուրիշներու նկատմամբ։  Ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր քարոզը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.